Apr. 1st, 2017 11:16 am
Կարդալու մասին
![[personal profile]](https://www.dreamwidth.org/img/silk/identity/user.png)
Քիչ մը շրջելէս ետք բարեկամներուս անկիւնները տեսայ որ նոր հով մը կայ, կամ աւելի շիտակ՝ հին հով մը որ կրկին կը փչէ։
Ի՛նչ կը կարդաս։ Պատասխանդ պէտք է սկսիս էստաֆետն ընդունեցի ...էն։
Նախ ըսեմ որ estafette սուրհանդակ ըսել է, իսկ սուրհանդակը մարդ արարած է՝ ամէնուս պէս երկու ականջով, երկու աչքով ու մանաւանդ՝ երկու ոտքով, որ լուրը հասցնէ հասցէատիրոջ։ Ընդ որում ռազմական սուրհանդակ մըն է, իսկ ծանրախոհ Լարուս բառարանը կ'աւելցնէ որ մանաւանդ ձիաւո՛ր սուրհանդակ է։
Սակայն ես միայն բառարան չէ, որ կը կարդամ։ Երբեմն ուրիշ բաներ ալ։
Սկսեր էի Անաթոլ Ֆրանսի Le Crime de Sylvestre Bonnard անդրանիկ վէպը, որուն կեդրոնական կերպարը հմայեց զիս իր շարժուձեւով ու հնաոճ լեզուով։ Վէպին վերջաւորութեան չհասած ընթերցանութիւնս կէս ձգեցի. մենախօսութիւնները չափազանց երկարաշունչ կը թուէին այլեւս, իսկ դէպքերը կը մերժէին աւելի արագ թաւալիլ։ (Ես ալ իմ դարուս զաւակ եմ, ի՞նչ ընեմ)։
Այնուհետեւ անթուղթ գիրքս չես գիտեր ինչպէս բացուեցաւ Էմիլ Վերհառնի James Ensor արուեստագիտական գրութեան վրայ, որ զիս խլեց ու Ֆլանտրիոյ տափաստաններուն վրայէն տարաւ հասցուց ծովեզերքը՝ Օսթենտէ։ Գիրքը պատկերներով օժտուած պէտք է ըլլար, որոնք սակայն չկրցան երեւնալ անթուղթ հատորիս մէջ։
Վերհառնի նկարագութիւնները աւելի խօսուն էին քան ո եւ է պատկեր։
Տեղ մը հեղինակը կ'արտայայտէ միտքը, որ մեր օրերուն այլեւս ամէնուն բերանն է. գեղանկարչութիւնը պատմելը չէ, այլ տեսնելը։ Այս գաղափարին վաղեմութեա՛ն վրայ զարմացայ, ոչ թէ՝ էութեան, որուն համամիտ եմ։
Վերհառնէն առաջ կարդացի Մաքս Պրոտի անաւարտ, սակայն չափազանց ուշագրաւ վէպը։ Վերնագիրը միտքս չէ հիմա. գլխաւոր անձին անունն է որ վերնագրին տեղ կը ծառայէ։ Մեծ մօրկան կերպարը կը շողայ մէջը զարմանալի կենդանութեամբ։ Մաքս Պրոտէն կարգ մը բաներ կարդացած եմ, եւ կարծեմ այս թափթփած գործն է իր լաւագոյն արգասիքը։
Ընթերցանութիւնը քմայքոտ ժամանց մըն է. կամ դուն կէս կը ձգես գիրք մը, իսկ երբ անյագօրէն աւարտին հասնիլ փափաքիս՝ այն ատեն հեղինակն է որ գրիչը վար դրած կ'ըլլայ։

Tags: