Mar. 29th, 2017 10:40 pm

* * *

yenovk: (Default)
Մինչ ես օրապահիկս շահելու գետնաքարշ հոգերու տակ կքած էի, աշխարհի մէջ կարգ մը փոփոխութիւններ կատարուեր են։

Կրնաս ըսել. աշխարհը քեզի ի՞նչ։ Ննջաւէտ մէկ գիւղաքաղաքէ միւսը կ'երթաս՝ թռչուններու դայլայլն ունկնդրելով ու դաշտերու մէջ թափած թրիքի բուրմունքը վայելելով։ Ի՜րապէս...։

— Սակայն ես ալ մարդ եմ։ Օգոստոսին երկու շաբթուան համար Ջաւախք մեկնիլ կը փափաքիմ։

— Խոչընդոտ մը կա՞յ ատոր։ Տոմսակը կտրէ ու գնա՛։

— Այո...։ Սակայն Վրաստանի հպատակները առանց վիզայի Եւրոպա գալու հրամանն ունին այլեւս։

— Է, ի՜նչ կապ ունի ատիկա ճամբորդելուդ հետ։

— Վախնամ որ մինչեւ արձակուրդս հասնի՝ ջաւախեցի բոլոր հայերը մեկնած ըլլան։ Արդէն իսկ դուրսը քալած ատենը կը թուի որ մարդոց բազմութեան մէջէն ախալքալաքի խօսուածքը կը լսեմ։
Tags:
Mar. 25th, 2017 07:43 pm

* * *

yenovk: (Default)
Գերմանուհիի մը հետ ամուսնացած անգլիացի բարեկամ մը ունէի, որ վարդամշակութեամբ կը զբաղէր։ Եւ միշտ դառնութեամբ կը պատմէր, ինչ թունաւոր նիւթեր կը ցանուին դաշտ ու պարտէզի մէջ։

Օր մը կը վճռեն ընտանեօք միմիայն bio կերակուրները ուտել եւ ըմպելիները խմել։ Մէկ օրէն միւսը միասնաբար չէինք ճաշեր այլեւս։ Իրենց առջինեկը որ մեզի գար Աւետիսիս հետ խաղալու՝ կտոր մը կարկանդակ կամ շաքա՛ր իսկ կը մերժէր մեր սեղանէն։ Կարծես նոր կրօնքի մը դարձած ըլլային։

Օր մըն ալ անգլիացի բարեկամս Ֆրանսա կը մեկնի գործով, ինչ որ ամիսը երկու անգամ կ'ընէր իսկ, սակայն այս անգամ երեք չորս օր շարունակ կնոջը չի հեռաձայներ եւ վերջինիս հեռաձայններուն չի պատասխաներ։ Տագնապած՝ կինը կը դիմէ տեղւոյն ոստիկանութեան։ Ոստիկան եւ հրշէջ մարդուն կացարանին դուռը ափ կ'առնեն, սակայն ապարդիւն։ Ուստի կը խորտակեն դուռը եւ ներս մտնելով բարեկամս գետինը երեսն ի վար փռուած կը գտնեն՝ երեք օրէ ի վեր անշունչ։

Ինծի որ հարցուէր, պիտի ըսէի որ բարեկամս չափէ աւելի կը խմէր. թիթեղ մը գարեջուրը մշտապէս ձեռքն էր՝ ինչ ալ ընելու ըլլար։ Միւս կողմէ իր հայրը՝ նոյն տկարութեան ենթակայ ինքն ալ՝ երկար ապրած է։

Ուստի անկեղծօրէն չեմ գիտեր, ի՛նչ խորհիմ։ Մէկ դաս քաղած եմ այս ամենէն. բաներ մը ուտելով կամ ընդհակառակն՝ բաներ մը չուտելով անմահ կամ առնուազն երկարակեաց չե՛ս դառնար։

Վերջերս ալ կնոջս հետ դիտեցի փշաքաղել տուող հաղորդում մը՝ bio ապրանքներու ի՛նչ ըլլալը քօղազերծող։ Աւելի՛ կատարելագործուած եւ այդ իսկ պատճառաւ անգտանելի նիւթերը կը մխրճուին բոլոր պտուղ-բանջարեղէն, կաթնեղէն-ընդեղէնի եւ միսի մէջ։

Երէկ սուրացող շոգեկառքիս պատուհանէն նայելով՝ խոշոր նապաստակ մը տեսայ, որ ցանուած դաշտի մը ակօսին մէջ կը վազէր քառատրոփ։

Վայրի նապաստակ մը՝ բնութեան զաւակ։ Որ լուր չունի, թէ մարդ արարածը ինչե՜րով կ'ապականէ իր սնունդը։
Այդ նապաստակը կը լափէ ամէն բան որ կը բուսնի՝ առանց բարակի նայելու։ Չ'ըսեր. այս դաշտին մէջ նիւթ մը սրսկուած է, երթամ անդիի դաշտէն կշտանամ, ուր թոյն չկայ։

Նապաստակը մէ՛կ բան գիտէ միայն. երկար ապրելու համար արա՛գ վազել պէտք է։ Bio ուտես կամ չուտես՝ մահը աղուէսի կերպարանքով կու գայ միայն։

Մարդ արարածն է, որ նախ իր սնունդը ի՛ր ձեռքովն իսկ կ'ապականէ, ետքն ալ չապականածը կը փնտռէ եւ գտնելով՝ անմահութեան դուռը հասած կը սեպէ ինքզինք։
Tags:

Profile

yenovk: (Default)
yenovk

May 2017

S M T W T F S
 123456
78910111213
141516171819 20
212223 242526 27
28293031   

Syndicate

RSS Atom

Page Summary

Style Credit

Expand Cut Tags

No cut tags
Page generated May. 15th, 2025 04:58 am
Powered by Dreamwidth Studios