Feb. 27th, 2017 01:13 pm
ԿԸ ՎԿԱՅԵՄ ՈՒ Կ'ԱԶԴԱՐԱՐԵՄ
Այս օրերուն կ'ոգեկոչուի մեր նորագոյն աղէտին՝ Սումկայըթի ջարդերուն տարելիցը։ Այդ աղէտը քովէս չէր անցած, այլ սիրտս ու միտքս ակօսելով՝ կեանքիս իսկ մէջ սահմանագիծ մը նշեց։
Այդ օրերուն լափելով կը կարդայի Լազարեան ճեմարանի երբեմնի գրադարանին նօսրացած հաւաքածոները։ Ամենէն լաւ պահպանուած մասը 1905 թուակիր լրագիր եւ ամսագիրներ կը կազմէին։ Թուական մը, որ նոյնպէս սեւ ըլլալու կոչուած էր մեր ազգին կովկասեան հատուածին համար։
Ինչպէ՞ս նկարագրեմ այդ սարսուռը որ ամբողջ մարմինս կը ցնցէր։ Սոսկալի իսկութիւն մը հետզհետէ կը
յստակէր.
1905ի եւ 1988ի դէպքերը նո՛յն պատճառներ ունէին, նո՛յն գործող անձերը եւ նո՛յն հետեւանքները։ Ընդ որում 1905 թուակիր գրութիւնները աւելի՛ լոյս կը թափէին ներկային վրայ, քան օրուան լուրերը։
Թէ՛ 1905ի անցքերը, թէ՛ իրենց շարունակութիւն ծառայած 1909ի եւ 1918ի ջարդերուն մտայղացումը եւ մեծաւ մասամբ ալ՝ գործադրութիւնը կը պատկանի Ռուս կայսրութեան, որ թաթարը (1905, 1909 եւ 1918ի անուանումով) եւ ազերին (ինչպէս 1988ին կը կոչուէր այդ նոյն ցեղը) պարզապէս իբրեւ մահակ կը գործածէր՝ Հայուն ուղեղին մէջ մխրճելու համար զոհի մտածելակերպը։ Անուրանալի՜ յաջողութեամբ, ինչպէս կը տեսնենք։
Հին լրագիրներուն պնդումները կը հաստատուէին Սումկայըթէն հասնող աղիտեալներուն թարմ վկայութիւններով։ Ազատածները միաբերան կը վկայակոչէին ռուս զինուորներուն տրուած չմիջամտելու հրահանգը եւ ջարդարար պարագլուխներուն թափանցիկ ակնարկութիւնները թէ իրենք վերէն հրաման ունին։
1988ի էջն ալ դարձուցած ենք առանց դասը սերտած ըլլալու։ Քանի որ կարդալը, պրպտելը եւ վերլուծելը շատ աւելի ոյժ կը խլէ, քան երթալ դրօշակ մը այրելը կամ յուշի երեկոյթին աթոռ մը գրաւելը։
1988ի ականատեսս կը վկայեմ ու կ'ազդարարեմ. ինչպէս 1988ը 1905ի երկրոդումը եղած է, նոյնպէս ալ ապագա՛ն յղի կը մնայ երկրորդումներով, քանի որ (եւ քանի դեռ) կոյրզկուրայն կը դիմենք հոն։

Tags: