May. 27th, 2017 04:42 pm
(no subject)
Մեր քաղաքին մէջ բոլորովին անտէր կատու չեմ տեսած։ Կան սակայն տունի կատուներ, որոնք ազատօրէն կը շրջին թաղին մէջ։ Յաճախ ալ կը մոլորին, ուստի ատենէ ատեն կատուին պատկերով ծանուցումներ կը յայտնուին լապտերներներու սիւներուն վրայ։
Մեր տունէն քիչ մը անդին երկու գեղեցիկ կատուները կը բնակին։ Մէկը սեւ ճերմակ է ու շատ վախկոտ։ Մօտենալուդ պէս կը փախչի։Միւսը՝ ճերմակ ու գորշը, ընհակառակն՝ շատ մարդամօտ է։ Ոտքիդ կը քսուի ու շոյուիլ կ'ուզէ։
Կը սիրեմ կատուները, սակայն տարազգայնութիւնը ունիմ անոնց մազէն ու լորձունքէն։ Երբ կատուի մը դիպչիմ, պէտք է անյապաղ ձեռքս լուամ։
Երէկ տունդարձիս մեր ճերմակ ու գորշ դրացին դէմս ելաւ ու մեղմ մլաւիւնով պահանջեց որ ականջին ետեւը քերեմ ու կռնակը գգուեմ։ Տեսնելով ալ որ երկարօրէն կկզած մնալ չեմ ուզեր, հետեւեցաւ ինծի եւ մօտակայ ցանկապատին սիւնին վրայ ցատկեց որ այլեւս հանգիստ կեցուածքով շարունակեմ։
Փորձեցի քաղաքական նիւթ մը բանալ։ Իսկոյն հասկցուց, որ գգուանքը կը նախընտրէ։ Քիչ մըն ալ յանդիմանեց, որ իր մուշտակին շքեղութիւնը չեմ գնահատեր։ Թող տողերս կարդայ ու համոզուի, որ այդպէս չէ։

Tags: