yenovk: (Default)
[personal profile] yenovk
Երբ գերմանացի մը անունս կարդայ, յաճախ կը հարցնէ, թէ ճիշդ հնչումը ի՛նչ է. Լաացիան, թէ՝ Լաազիան։Օտարը կը հարցնէ՛, մինչ վայրենակիցը առանց դոյզն իսկ վարանելու անունդ կը գրէ Բողոս, Գարո, Բեդրոս եւն։

Երբ ընվզիս ու ըսես որ Պօղոս ես, Կարօ կամ Պետրոս՝ վայրենակիցդ մատնանիշ կ'ընէ անցագիրդ, ուր Boghos, Garo Bedros գրուած է։

Ըսել է օտա՛ր գիրը ձախաւեր կերպով կը տառադարձէ։ Հոգը չէ, թէ ինքդ անունդ ինչպէ՛ս կը գրես։
Եւ առ հասարակ՝ հայ լուսաւորչական անուն մը ինչպէ՛ս կը գրուի։

Օտար մըն ես՝ օտար անցագրի մը տէր, ուրիշ ոչինչ։

Կը յիշեմ Երուսաղէմի Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանին արշակերտները Կաղանդի նուէր ուղարկած էին Հայաստան։ Ամիս մը ետք հոնկէ երախտագիտութեան նամակները կու գան։Վարժարանին երկարամեայ տնօրէնը Կիւրեղ Եպս.Գաբիկեանն էր տակաւին այդ օրերուն, սեբաստացիի զաւակ։ Գաբիկ անունն ալ Գաբրիէլին կրճատ ձեւն է։
Եւ սա՛ իր բուն ձեւով մէկէ աւելի անգամ նշուած էր առաքուած սնտուկներուն մէջ։

Սակայն ինչպէս ըսի, օտար գիրին աւելի՛ հաւատք կ'ընծայուի հոն։ Ուստի առեր են լատինատառ Kapikian ձեւը եւ դարձուցեր

Կ Ա Պ Ի Կ Յ Ա Ն
Page generated May. 15th, 2025 03:50 am
Powered by Dreamwidth Studios