![[personal profile]](https://www.dreamwidth.org/img/silk/identity/user.png)
Երբ վաստակդ գնահատելու համար պարզ Ապրի՛ս մը քիչ է, իսկ շքանշանը՝ շատ, քեզի A4 չափի թուղթի կտոր մը կը շնորհէ վայրենի կառավարութիւնը։
Վրան գրուած կ'ըլլայ «Պատվոգիր»։
Եկէք վերլուծենք սա վիժուկը։ Պատիւ բառին սեռականը մեր հին լեզուին մէջ իրապէս պատւոյ է։
Սակայն ո՞ւր տեսնուած է որ սեռականով բառարմատ մը ուրիշ արմատի մը փակցուի։ Յուսոյշող կամ յուսոյնշոյլ կ'ըսուի՞։ Կամ սիրոյկրակ եւ սիրոյխօսք։
Ուստի կա՛մ «պատուոյ գիր» պէտք է ըսուի, կամ «պատուագիր», ուր -ա-ն յօդակապ է՝ երկու արմատները կցելու համար։
Այսչափ տիտղոսաւոր լեզուաբան կ'արածի Մասեաց շուքին տակ, ինչպէ՞ս կ'ըլլայ որ մէկն իսկ գլուխը չէ վերցուցած ու մռնչած այս այլանդակութեան դէմ։

Tags: